Հայկական կողմը կը շարունակէ բանակցիլ Ատրպէյճանի հետ զօրքերու հայելային ետքաշման շուրջ՝ հիմք ընդունելով 1974-1978 թուականներու խորհրդային քարտէզները։
«Sputnik Արմենիա»ի հաղորդմամբ՝ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատան մէջ բացուած սգոյ մատեանին մէջ ցաւակցական գրառում կատարելէ ետք լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է ՀՀ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը։
«Բանակցութիւնները շարունակւում են, եւ յոյս ունենք, որ այս ուղղութեամբ մենք կը կարողանանք յաջողութեան հասնել»,- նշած է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը՝ արձագանգելով լրագրողներու այն դիտարկման, թէ Ատրպէյճանն աւելի վաղ կտրական «ոչ» ըսած է հայկական կողմի առաջարկին։
Գրիգորեանը չէ ուզած մեկնաբանել, թէ Հայաստանի՝ խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ ներկայացուցած վերջին տարբերակին մէջ ինչպիսի փոփոխութիւններ կան, որոնց Ատրպէյճանը դրական արձագանգած է։ Մասնաւորապէս Ատրպէյճանը նշած էր, որ մեծ առաջընթաց կայ, եւ վերջին առաջարկը կը տարբերի նախորդներէն, բազմաթիւ կէտեր կան, որոնք ընդունելի են իրենց համար։
«Սրա մասին կը խօսենք հետագայում, երբ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ աւելի յստակ առաջընթացներ կ՚ունենանք։ Բանակցութիւններն այն իմաստով, որ տեքստեր են փոխանակւում, ընթանում են։ Յուսանք՝ աւելի առարկայական քննարկումների հնարաւորութիւն շուտով կը լինի, եւ դրանց արդիւնքում աւելի յստակ հրապարակային կը խօսենք»,- նշած է Գրիգորեանը։
Ինչ կը վերաբերի այն հարցին, թէ արդեօք յառաջիկային հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններ կը սպասուին, Գրիգորեանը նշած է՝ Հայաստանն իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է, այժմ կը սպասեն գործընկերներու արձագանգին։