image
Հրատապ լուրեր:

ԲՀԿ պատգամաւորի թեկնածու Մարտուն Գրիգորեանի որդին կալանաւորուած է

ԲՀԿ պատգամաւորի թեկնածու Մարտուն Գրիգորեանի որդին կալանաւորուած է

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան պատգամաւորի թեկնածու Մարտուն Գրիգորեանի որդին՝ Կամօ Գրիգորեանը, երկու ամիսով կալանաւորուած է։ Անոր նկատմամբ կիրառուած է տեսակցութիւններու սահմանափակում։

Այս մասին յայտնած է Քննչական կոմիտէի մամուլի խօսնակ Կիմա Աւդալեանը։

Մէկ տարի հետախուզման մէջ գտնուող Գրիգորեանը փաստաբանի ուղեկցութեամբ ինքնակամ ներկայացած է իրաւապահներուն․ անոր մեղադրանք առաջադրուած է խումբ մը անձանց կողմէ ֆիզիքական ներգործութեան, խուլիկանութեան եւ զէնք-զինամթերքի ապօրինի շրջանառութեան յօդուածներով։