image

Արդարադատութեան միջազգային դատարանը վերահաստատած է Լաչինը վերաբանալու որոշումը

Արդարադատութեան միջազգային դատարանը վերահաստատած է Լաչինը  վերաբանալու որոշումը

Արդարադատութեան միջազգային դատարանը վերահաստատած է Լաչինի վերաբերեալ որոշումը, որ կայացուցած էր 2023 թուականի 22 փետրուարին։ Տեղեկութիւնը յայտնած է միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչի գրասենեակը։

Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին մէջ անցակէտ տեղադրելէ ետք Հայաստանը դատարանէն խնդրած էր լրացնել որոշումը։ 

«2023 թուականի յուլիսի 6-ին Արդարադատութեան միջազգային դատարանը կայացրել է որոշում Ռասայական խտրականութեան բոլոր ձեւերի վերացման մասին համաձայնագրի շրջանակներում քննուող Հայաստանն ընդդէմ Ադրբեջանի գործով իր՝ 2023 թուականի փետրուարի 22-ի միջանկեալ միջոց կիրառելու մասին որոշման լրացման մասին Հայաստանի խնդրանքի վերաբերեալ, որը պայմանաւորուած էր Ադրբեջանի կողմից Լաչինի միջանցքում անցակէտ տեղադրելու փաստով»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Դատարանը վերահաստատած է իր նախորդ որոշումը, որով պարտաւորեցուցած էր Ատրպէյճանը ձեռնարկել բոլոր միջոցները` երաշխաւորելու Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրային միջոցներու եւ բեռերու՝ երկու ուղղութիւններով անխափան տեղաշարժը, գտած է, որ այս պահուն չկայ իր 2023 թուականի 22 փետրուարի որոշումը լրացնելու անհրաժեշտութիւնը: