Արցախցի կանայք խաղաղ հաւաք կազմակերպած էին Ստեփանակերտի մէջ` իրենց ձայնը միջազգային կառոյցներուն լսելի դարձնելու համար, կրկին ուշադրութիւն հրաւիրելու Արցախի մէջ Ատրպէյճանի միջամտութեամբ կազամատակարարման դադրեցման, անոր արդիւնքով ստեղծուած մարդասիրական աղէտին վրայ:
Ստեփանակերտի մէջ հաւաքուած կիներէն մէկը յայտարարեց. «Բոլոր միջազգային կառոյցները, մարդասիրական սկզբունքներից ելնելով, մեր այս իրականութեան հետ ոչ թէ պէտք է համակերպուեն, յորդորեն, կոչ անեն, այլ ձեռնարկեն յստակ քայլեր»:
Անոնք շեշտեցին` այս պահուն մարդասիրական աղէտ կը տիրէ Արցախի մէջ, եւ աշխարհը, բոլորը տեղեակ են, թէ ով է անոր մեղաւորը:
Կանայք ընդգծեցին` Ատրպէյճանը պիտի օգտուի առիթէն, եւ հնարաւոր է, որ աւելի վատ վիճակի մէջ յայտնուին: Արցախցի կանայք յիշեցուցին, որ արցախցին աշխարհի մէջ ապրող ոեւէ այլ քաղաքացիի հետ հաւասար ունի նոյն իրաւունքները, սակայն այս պահի դրութեամբ Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով յայտնուած են անելանելի վիճակի մէջ: «Եւ ամենացաւալին այն է, որ չկայ որեւիցէ կառոյց, որը կարող է ստիպել յաձակողին` վերջ տալ իր վայրագութիւններին», ընդգծեց կիներէն մէկը:
Անոնք շեշտեցին` արցախցին տէր է իր հողին, իր իրաւունքներուն: «Պահանջում ենք, որպէսզի միջազգային բոլոր կառոյցներն անյապաղ զբաղուեն Արցախի բնակիչների անվտանգութեան հարցով, քանի որ սա ոչ միայն կենցաղային խնդիր է, այլ հէնց անվտանգութեան հարց է: Որեւիցէ արցախցի չի ցանկանում թողնել իր հողը, տունը եւ լքել Արցախը: Թող Ատրպէյճանը դա հասկանայ` արցախցին ապրել է եւ ապրելու է Արցախում», նշեց հաւաքին մասնակից կիներէն մէկը` ընդգծելով, որ պիտի պայքարին մինչեւ վերջ, հակառակորդը չի կրնար Արցախը հայաթափել: