image

Արցախի մէջ ջուրի խնդրի լուծման աշխատանքներ. Ռուսական կողմը ստանձնած է ապահովութիւնը

Արցախի մէջ ջուրի խնդրի լուծման աշխատանքներ. Ռուսական կողմը  ստանձնած է ապահովութիւնը

Արցախի մէջ ջուրի խնդրի լուծման աշխատանքներ. Ռուսական կողմը  ստանձնած է ապահովութիւնը

 

Ռուս խաղաղապահները կը շարունակեն բազմակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերել Լեռնային Ղարաբաղի բնակավայրերու իշխանութիւններուն տեղւոյն բնակիչներու խնդիրները լուծելու հարցով: Այս մասին ըսուած է ՌԴ Պաշտպանութեան Նախարարութեան տեղեկագիրով:

 

Հաղորդուած է, որ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի մարդասիրական արձագանգման մասնագէտները արձագանգած են Մարտունիի շրջանի Մաճկալաշէն գիւղի ղեկավարի խնդրանքին, ուր առանց խաղաղապահներու կողմէ անվտանգութեան ապահովման, անհնար է սահմանազատման գիծի մօտակայքը ջրային ուղիներու տեղակայման երկրաչափական աշխատանքներ իրականացնել:

 

«Այսօր ժամանած ենք Մաճկալաշէն բնակավայր՝ օգնութիւն ցուցաբերելու խողովակաշարի տեղակայման աշխատանքներու իրականացման, բնակավայրին խմելու ջուր մատակարարելու ընկերային հարցով: Տուեալ բնակավայրին մէջ խմելու ջուրով կ'ապահովուի աւելի քան 400 բնակիչ»,- ըսած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ներկայացուցիչ՝ Ալեքսանդր Զայցեւը:

 

Նշուած է, որ բոլոր հողային աշխատանքները սկսելէ առաջ, ռուս ականազերծողները տեղանքի մաքրման աշխատանքներ կ'ընեն՝ ստուգելու պայթիւնավտանգ առարկաներու առկայութիւնը: