Արցախի Մարտունիի շրջանին մէջ արձանագրուած է հրադադարի մէկ խախտում։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութեան մասին տեղեկագիրով։
Տեղեկագիրի համաձայն՝ տուժածներ չկան։
«Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնն ատրպէյճանական ու հայկական կողմերու հետ հետաքննութիւն կը կատարէ այս փաստի առնչութեամբ։
Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Շուշիի շրջաններուն մէջ պարեկութիւն իրականացուած է երեք երթուղիներով»,- նշուած է տեղեկագիրով։