image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի մէջ. Հացամթերքի թանկացումը պիտի զսպուի

Արցախի մէջ. Հացամթերքի թանկացումը պիտի զսպուի

Ստեփանակերտի, Ասկերանի, Մարտունիի ալրաղացներու մէջ շուրջօրեայ աշխատանք կը տարուի ալիւրի եւ հացի պահանջարկն ապահովելու ուղղութեամբ, իսկ Մարտակերտի ալրաղացը մեծ դժուարութիւններով կը գործարկուի հաւանաբար այսօր՝ 2 օգոստոսին:

Այս մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան Գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամէն:

«Ստեփանակերտի հացի արտադրամասերում հերթերը կառավարելու եւ ձեռք բերուող հացի քանակը վերահսկելու համար պետնախարարի յանձնարարութեամբ տեղում ներկայ են գտնուելու Արցախի Հանրապետութեան պետական եկամուտների կոմիտէի ու պետական տեսչութիւնների կառավարման կոմիտէի աշխատակիցները: Իրականացուող արտակարգ միջոցառումների արդիւնքում երկու օրից աստիճանաբար կը կարգաւորուի հացի սղութեան խնդիրը:

Խնդրում ենք ըմբռնումով մօտենալ իրավիճակին եւ հնարաւորինս խնայողաբար կատարել հացի գնումները»: