Հայկական կողմը, որ, պաշտպանելու իրաւունքով հակադարձած էր թշնամական կրակներուն ունեցած է 5 վիրաւորներ, որոնց կեանքին վտանգ չկայ։
Արցախի իշխանութիւնները մեծ յոյսեր ունին, որ Ռուսաստեան խաղաղապահ ուժերը կը կարողանան լուծում բերել Փառուխ աւանի խնդրին։
Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է կայքը, նշելով նաեւ, որ իշխանութիւնները մօտէն կը հետեւին ընթացող բանակցութիւններուն եւ կ՚ակնկալեն, որ Փառուխի մէջ յառաջխաղացք արձանագրած Ատրպէյճանեան ուժերը ետ կը քաշուին դէպի ելման դիրքեր առիթ ստեղծելով, որ գիւղը լքած մեր հայրենակիցները վերադառնան իրենց հայրենի օճախ։
Յիշեցնենք, որ երէկ բաւական լուրջ վիճակ ստեղծուած էր Արցախի Փառուխ գիւղին շուրջ, երբ Ատրպէյճանցիք կրակ բացած էին հայկական դիրքերու ուղղութեամբ տալով զոհեր։
Հայկական կողմը, որ, պաշտպանելու իրաւունքով հակադարձած էր թշնամական կրակներուն ունեցած է 5 վիրաւորներ, որոնց կեանքին վտանգ չկայ։