Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է Իրանի կողմէ գիշերը երկրի տարածքին ուղղուած հարուածը՝ զայն որակելով վտանգաւոր սրում։
«ԱՄԷ-ն վճռականօրէն կը դատապարտէ անօդաչու թռչող սարքի միջոցով երկրի դէմ իրանական յարձակումը։ Ասիկա վտանգաւոր սրում է, որ ուղղուած է երկրի ինքնիշխանութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան դէմ»,– նշուած է ԱԳՆ-ի յայտարարութեան մէջ։
Գերատեսչութեան մէջ ընդգծած են, որ ԱՄԷ-ն իրեն կը վերապահէ Իրանի գործողութիւններուն համարժէք պատասխան տալու իրաւունքը։