image

Անգլիոյ խորհուրդը իր քաղաքացիներուն՝ «Խուսափիլ Ուքրանիա երթալէ»

Անգլիոյ խորհուրդը  իր քաղաքացիներուն՝ «Խուսափիլ Ուքրանիա  երթալէ»

Բրիտանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խորհուրդ տուած է Միացեալ Թագաւորութեան քաղաքացիներուն զերծ մնալ Ուքրանիա մեկնելէն, եթէ խիստ անհրաժեշտութիւն չկայ: Թարմացուած առաջարկութիւնները շաբաթ հրապարակուած են բրիտանական բաժանմունքի կայքով։

«Արտաքին գործոց, համագործակցութեան եւ միջազգային զարգացման նախարարութիւնը խորհուրդ կու տայ ոչ մէկ ճամբորդութիւն ընել Լուկանսքի մարզ, Տոնեցքի մարզ եւ Խրիմ (Բրիտանական կառավարութիւնը չի ճանչնար Խրիմի միացումը Ռուսաստանի Դաշնութեան – նշած է ԹԱՍՍ)։ Մեծ Բրիտանիոյ քաղաքացիներուն խորհուրդ կը տրուի տեղեկացնել հիւպատոսական ծառայութիւններուն Ուքրանիա գտնուելու մասին»,- ըսուած է փաստաթղթով։

Գերատեսչութիւնը նախազգուշացուցած է «Ուքրանիոյ մէջ արագ զարգացումներու» հաւանականութեան մասին կապուած «Ռուսաստանի մտադրութիւններու վերաբերեալ անորոշութեան» հետ։ Մեծ Բրիտանիոյ քաղաքացիներուն խորհուրդ կը տրուի զգօն ըլլալ, ուշադիր հետեւիլ նորութիւններուն եւ տեղեակ ըլլալ այն հնարաւորութեան մասին, որ անոնք կրնան շտապ փոխել ծրագիրները եւ լքել երկիրը։

«Ուքրանիոյ ցանկացած վայրի մէջ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման պարագային Քիեւի մօտ Մեծ Բրիտանիոյ դեսպանատան հիւպատոսական օգնութիւն ցուցաբերելու հնարաւորութիւնը լրջօրէն կը սահմանափակուի», նշած են գերատեսչութենէն։

Վերջերս արեւմտեան երկիրներու, ինչպէս նաեւ Քիեւի մէջ յայտարարութիւններ կը հնչեն Ուքրանիա ռուսական հնարաւոր ներխուժման մասին։ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար՝ Տմիթրի Փեսքով նման տեղեկատուութիւնը դատարկ եւ անհիմն լարուածութեան սրացում անուանած է։ Ան ընդգծած է, որ Ռուսաստան ոչ մէկու համար վտանգ կը ներկայացնէ։ Միեւնոյն ժամանակ Փեսքով չէ բացառած նման յայտարարութիւնները արդարացնելու համար սադրանքներու հնարաւորութիւնը եւ զգուշացուցած է, որ Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելքի մէջ ճգնաժամը կարգաւորելու համար ուժի կիրառման փորձերը կ'ունենան ամենալուրջ հետեւանքները։