Մեծն Բրիտանիոյ իշխանութիւնները էապէս կը մեղմացնեն այլ պետութիւններէ երկրի տարածք մուտք գործելու կանոնները։
4 Հոկտեմբերէն սկսեալ ամբողջապէս պատուաստուած ճանապարհորդներուն հարկաւոր պիտի ըլլայ «Քովիտ-19»-ի համար միայն մէկ ոչ-թանկ քննութիւն յանձնել աշխարհի երկիրներու մեծամասնութենէն Անգլիա ժամանելու համար: «Մենք կը փափաքէինք, որ նոր համակարգը աւելի հեշտ ըլլայ հասկնալու համար եւ արտասահման ուղեւորութիւնները աւելի աժան դարձնէինք», յայտնած Մեծն Բրիտանիոյ փոխադրութեան նախարար Կրանթ Շեփփսը՝ ընդգծելով, որ սահմանափակումներուն մէկ մասը կը հանեն, քանի որ բնակչութեան զանգուածային պատուաստման ծրագիրը յաջողութիւն ունեցած է։ Արդէն պատուաստուած է երկրի 16-էն բարձր տարիքի բնակիչներուն գրեթէ 90 տոկոսը:
Մեծն Բրիտանիա մուտքի կանոններուն մեղմացումը չի տարածուիր այն մարդոց վրայ, որոնք պատուաստուած չեն երկրին մէջ հաստատուած պատուաստանիւթերով։