Արեւմտեան ղեկավարները, քաղաքացիներու կեանքի որակը բարելաւելու ուղղութեամբ աշխատելու փոխարէն, կը շարունակեն իրենց հիւանդ երեւակայութիւնները իրականութիւն դարձնելու փորձերը՝ Ռուսիան յայտարարելով յարձակող կողմ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու՝ Ռուսիոյ տարածքին գործող ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու միջոցաւ ապակայունացնող գործունէութեան հակազդելու միջոցառումներուն նուիրուած խորհրդակցութեան ընթացքին։
«Այսօր յստակ է, որ արեւմտեան երկիրներու եւ արեւմտեան դաշինքներու քաղաքական ղեկավարութիւնը, իրենց քաղաքացիներուն կեանքի որակը բարելաւելու փոխարէն, քաղաքացիներ, որոնք իրենց վստահած են իրենց եւ իրենց զաւակներու ապագան, կը շարունակէ իր հիւանդ երեւակայութիւնները իրականութիւն դարձնելու փորձերը՝ Ռուսիան յայտարարելով յարձակող կողմ եւ գլխաւոր թշնամի, իսկ սեփական բնակչութիւնը ահաբեկելով մտացածին «ռուսական սպառնալիք»ով», նշած է ան։
Շոյկու ընդգծած է, որ վերջին շրջանին եւրոպացի ղեկավարներուն ելոյթներէն ոչ մէկը կ՚անցնի առանց համապատասխան ուղերձի։
«Գործնականօրէն իւրաքանչիւր ելոյթի ընթացքին, եթէ ոչ սկիզբը, ապա վերջաւորութեան, խօսքը կը վերաբերի «ռուսական սպառնալիք»ին։ Մինչդեռ մեր երկրին քաղաքական ղեկավարութիւնը բազմիցս յայտարարած է, կը յայտարարէ եւ կը շարունակէ կրկնել, որ որեւէ սպառնալիք գոյութիւն չունի», նշած է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը։