image

ԱՄՆ զինուորականները օգնութիւն տրամադրած են Արցախէն տեղահանուածներուն

ԱՄՆ զինուորականները օգնութիւն տրամադրած են Արցախէն տեղահանուածներուն

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ ռազմական կցորդ Քեւըն Սթիլը եւ դեսպանութեան պաշտպանական համագործակցութեան գրասենեակի ներկայացուցիչները աւելի քան 40 թոն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրած են Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած եւ Վանաձորի ու մօտակայ համայնքներու մէջ հանգրուանած անձանց։

ԱՄՆ դեսպանութենէն յայտնած են, որ փետրուար 27-ին անոնք հանդիպած են Լոռիի մարզպետ Արամ Ղազարեանի հետ։

Օգնութիւնը կը ներառէր մահճակալներ, ներքնակներ, կահոյք, մանկական սայլակներ եւ հագուստ եւ տրամադրուած է ԱՄՆ Եւրոպական հրամանատարութեան Մարդասիրական օգնութեան ծրագրով։