image

ԱՄՆ վերականգնած է Եգիպտոսին տրամադրուող 320 միլիոն տոլարի ռազմական օգնութիւնը

ԱՄՆ վերականգնած է Եգիպտոսին տրամադրուող 320 միլիոն տոլարի ռազմական օգնութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն վերացուցած է Եգիպտոսին տրամադրուող 320 միլիոն տոլարի ռազմական օգնութեան սահմանափակումը, որ նախապէս պահուած էր մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ մտահոգութիւններու պատճառով։ Այս մասին կը հաղորդէ Associated Press-ը։

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը որոշումը հիմնաւորած է Եգիպտոսի դերակատարութեամբ Իրանի հետ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ։ Ռուպիօ նշած է, որ Գահիրէն կարեւոր դեր ունեցած է Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ միջնորդական ջանքերուն մէջ։

Արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ մարդու իրաւունքներու հարցերը պիտի շարունակեն քննարկուիլ Միացեալ Նահանգներու-Եգիպտոս երկկողմ յարաբերութիւններու շրջածիրէն ներս։

320 միլիոն տոլարը Եգիպտոսին ամէն տարի տրամադրուող շուրջ 1.3 միլիառ տոլար ամերիկեան ռազմական օգնութեան մէկ մասն է։ Այդ միջոցներով Գահիրէն կրնայ ձեռք բերել ամերիկեան արտադրութեան ռազմական սարքաւորումներ։