Միացեալ Նահանգները շուրջ 1,4 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ փոխադրամիջոցներ եւ մասնագիտացուած սարքաւորումներ նուիրաբերած է ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) սահմանապահ զօրքերուն։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութենէն։
Նուիրատուութեան յանձնման արարողութեան մասնակցած են անվտանգութեան աջակցութեան ծրագիրներու գծով Միացեալ Նահանգներու փոխպետքարտուղարի տեղակալ Շոնա Ուիլսըն, Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տէյվիտ Ալըն եւ ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերու ընդհանուր սպայակոյտի պետ, գնդապետ Ռոման Սահակեան։
Նուիրատուութիւնը կատարուած է Միացեալ Նահանգներու Պետական բաժանմունքի Արտածման վերահսկողութեան եւ սահմանային անվտանգութեան (EXBS) ծրագիրին կողմէ։ Այն պիտի նպաստէ Հայաստանի սահմանապահ ծառայութեան արդիականացման, սահմանային անվտանգութեան ամրապնդման եւ մարդոց ու ապրանքներու անվտանգ տեղաշարժի բարելաւման։
«Այս աջակցութիւնը կ՚արտացոլէ Միացեալ Նահանգներու շարունակական յանձնառութիւնը՝ ամրապնդելու Հայաստանի սահմանային կառավարման կարողութիւնները եւ աջակցելու տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան, ներառեալ՝ «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (ԹՐԻՓՓ) նախագիծին»,– նշուած է դեսպանութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։