ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի նախկին փոխդեսպանը յանկարծամահ եղած է (Լուսանկար)

ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի նախկին փոխդեսպանը յանկարծամահ եղած է (Լուսանկար)

17 Յունուարին, ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ Ժամը 20։00-ի սահմաններուն Toyota Land Cruiser մակնիշի մեքենան Ա․ Աւետիսեան փողոցին մէջ դուրս եկած է հանդիպակաց երթեւեկելի գօտի եւ բախած թիւ 2-րդ շէնքի դիմաց, ճանապարհի թոյլատրելի հատուածին մէջ կայանած Kia մակնիշի մեքենային։

Արագօրէն ժամանած է բժիշկներու հերթապահ խումբը, որոնք վարորդը տեղափոխած են Հերացիին անուան թիւ 1 համալսարանական հիւանդանոց, ուր բժիշկները արձանագրած են անոր մահը։

Երեւանի գունդի պարեկները պարզած են վարորդի ինքնութիւնը, ան Երեւանի բնակիչ 56-ամեայ Արմէն Խարազեանն է։ 

Շամշեանի տեղեկութիւններով ան ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի նախկին փոխդեսպանն է։