Լիբանանի մէջ մահացաւ նախկին երեսփոխան Ճորճ Գասարճին՝ 88 տարեկանին, երկարատեւ գործունէութիւն ունենալէ ետք արդիւնաբերութեան, հանրային կեանքի եւ քաղաքականութեան մէջ։
Գասարճի ծնած էր 1938 թուականին, Զահլէի մէջ։ Ան երկար տարիներ գործած էր արդիւնաբերական ոլորտին մէջ՝ Լիբանանի եւ արաբական շարք մը երկիրներու մէջ, ապա մուտք գործած էր քաղաքական կեանք։
Ճորճ Գասարճի առաջին անգամ Լիբանանի խորհրդարան ընտրուած էր 1992 թուականին՝ Զահլէի հայ առաքելական աթոռէն։ Ան յաջորդաբար վերընտրուած էր 1996, 2000 եւ 2005 թուականներուն՝ մաս կազմելով հայկական երեսփոխանական պլոքին։
Իր խորհրդարանական գործունէութեան ընթացքին Գասարճի անդամակցած էր Հանրային աշխատանքներու եւ փոխադրութեան, ինչպէս նաեւ Տեղեկատուութեան, փոստի եւ հաղորդակցութեան յանձնաժողովներուն։ Ան նաեւ ստանձնած էր Տեղեկատուական արհեստագիտութեան յանձնաժողովի զեկուցաբերի պարտականութիւնը։
Քաղաքական եւ հանրային շրջանակներու մէջ Ճորճ Գասարճի ճանչցուած էր նաեւ իբրեւ հաշտարար անձնաւորութիւն։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն ան ունեցած էր կարեւոր դեր տարբեր կողմերու միջեւ հաշտութեան եւ միջնորդութեան աշխատանքներուն մէջ, ինչի համար ալ ճանչցուած էր «Շէյխ ալ-Սոլհ»՝ «Հաշտութեան շէյխ» կոչումով։
Նշենք նաեւ, որ Գասարճի եղած է անդամ «Հայկական երեսփոխանական պլոք»ին։
Քաղուած՝ «Ալ Նահար»էն