image

ԱՄՆ Արեւելեան Թեմ. Ամեն. Տ. Սահակ Պատրիարք հանդիպում ունեցաւ պոլսահայերու հետ

ԱՄՆ Արեւելեան Թեմ. Ամեն. Տ. Սահակ Պատրիարք հանդիպում ունեցաւ պոլսահայերու հետ

Կը շարունակուի Պոլսոյ Հայոց Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Մաշալեանի հովուական այցը դէպի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմ։

Այս առումով ալ «Արեւելք» կը ներկայացնէ խմբագրութեանս հասած լրատւութիւնը, անցնող օրերուն Սրբազան Պատրիարք Հօր ունեցած հանդիպումներուն եւ շփումներուն մասին։

Պատրիարք հօր ի պատիւ Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 28 Յուլիս 2025, Շաբաթ միջօրէին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին տուած կարճատեւ այցելութենէն յետոյ ուղղուեցաւ ճաշարան մը, ուր դիմաւորուեցաւ Պոլսահայ միութիւններէ ներկայացուցիչներէ։ Ճաշկերոյթի ընթացքին Պատրիարք Հօր կողքին էին ԱՄՆ--ի Արեւելեան թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Պարսամեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական Աթոռոյս սարկաւագաց դասու երիցագոյն անդամ Բրշ. Արտաշէս Սրկ. Նշանեան։

Ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին Պատրիարքական այցելութեան կարգադիր յանձնախումբի ատենապետուհի Թամար Գայսէրեան եւ ընկերները ողջունեցին Պատրիարք Հօր ներկայութիւնը։

Ճաշկերոյթի ընթացքին, Տ. Յարութիւն Վրդ. մեներգեց, իսկ Էսաեան-Կեդրոնական Սանուց Միութեան Ատենապետ Զուարթ Պալըքճեան ասմունքեց։ Ճաշկերոյթը կը զուգադիպէր Բրշ. Արտաշէս Սարկաւագի ծննդեան 101րդ տարեդարձին եւ այս առթիւ տեղի ունեցաւ շնորհաւորանք եւ կարկանդակի հատում։ Արտաշէս Սարկաւագ, շնորհակալութիւն յայտնեց անձին հանդէպ ընծայուած սիրոյ համար եւ բարի գալուստ մաղթեց Պատրիարք Հօր։ Ըսաւ, որ իրապէս անմոռանալի տարեդարձ մը դարձած էր այս տարի, նման սեղանի շուրջ համախմբուելով։

Առ այդ, Առաջնորդ Սրբազանը սրտի խօսք արտասանեց եւ ըսաւ, որ Պատրիարք Հայրը կը դիմաւորուէր Ամերիկայի Պոլսահայ հասարակութեան անդամներու առաջնորդութեամբ։ Ժամանակին անոնք Իսթանպուլէն փոխադրուած էին ԱՄՆ եւ տարիներու ընթացքին այս տեղը իրենց համար դարձած էր նոր երկիր։ Իսկ այսօր այս հասարակութիւնը նոր երկրին մէջ կը հիւրընկալէ իրենց ծննդավայրին շունչն ու հոգին բերած Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքը։ Այս առումով շնորհաւորեց գործակից բարեկամները եւ յաջողած հիւրընկալութիւն մը որակեց այս մէկը։

Պատրիարք Հայրը օրհնութեան խօսք արտասանեց եւ նախ շնորհաւորեց Արտաշէս Սարկաւագը։ Իրաւ է, թէ մարդ երբ տարիքը առնել կը սկսի եւ սիրածները մի առ մի կը հեռանան այս աշխարհէն, մարդ առանձին եւ տկարացած կը զգայ։ Սակայն Աստուծոյ կամքով շնորհուած կեանքի երկարատեւ օրերը իր շրջակայքին համար ալ օրհնութիւն են, քանի այդտեղ կայ կեանքի փորձառութիւն եւ լուրջ պատմութիւն մը։ Իսկ տարիքով աւելի փոքր հարազատներ կ'աղօթեն որ այդ կեանքի օրերը ըլլան նաեւ առողջութիւնով լի։ Պատրիարք Հայրը ըսաւ նաեւ, որ Նիւ Եորք ժամանումի առաջին պահէն սկսեալ Առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպս. միշտ իր մօտը եղած էր եւ հետաքրքրուած՝ այս այցելութեան բոլոր փուլերով։ Այս ընթացքին իր մօտ գտած էր բազմաթիւ կամաւորներ, որոնց մեծամասնութիւնը կարօտը ունին իրենց ծննդավայր Պոլիսին։ Այս կարօտով լի պատրաստութիւնը առիթ դարձաւ որ, Պատրիարքը եւ ընկերակից Հայր Սուրբը, ԱՄՆ-ու մէջ հարազատ տան մէջ զգան։ Այս առումով գնահատեց բոլորը եւ մաղթեց որ այս օրերը օրհնութիւն դառնան ժողովուրդին եւ ջերմութիւնն ու բարեկամութիւնը լուսաւորէ ընտանիքները։

Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ վերջին օրհնութեամբ։