image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկացի յայտնի «ռաբըր» «Պիկ Բոքի» մահացած է ելոյթի պահուն (Տեսանիւթ)

 Ամերիկացի յայտնի «ռաբըր» «Պիկ Բոքի» մահացած է ելոյթի պահուն  (Տեսանիւթ)

Միացեալ Նահանգներու մասնաւորապէս Հիւսթըն քաղաքի սիրուած ձայներէն համարուող «Պիկ Փոքի» մահացած է սրտի կաթուածի հետեւանքով։ 

 Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ ամերիկեան աղբիւրներէ։

 Կը նշուի նաեւ, որ Փոքի   (45 տարեկան), որ  հանդէս կու գար Թէքսաս քաղաքին մէջ, բեմին վրայ ելոյթի պահուն գետին ինկած է, որմէ ետք ալ հակառակ ցուցաբերուած օգնութիւններուն հոգին աւանդած։

Փոքի (բուն անունով Միլթըն Բաուըլ)  կը համարուի Հիւսթընի «Հիբ հոբ»ի վարպետներէն մին եւ անոր անունը փայլած էր մասնաւորապէս 2021 թուականէն սկսեալ երբ հրատարակած էր իր «Սէնսէյ» խորագրեալ խտասալիկը։