image

Յայտնի է հայկական կենսաչափական նոր անձնագրեր եւ նոյնականացման քարտերու սակը

Նոր կենսաչափական անձնագիրը պիտի արժէ 28,650 դրամ՝ նախկին 25,000 դրամին փոխարէն եւ պիտի տրամադրուի 10 տարի ժամկէտով։

Նոյնականացման քարտի գինը պիտի ըլլայ 5,950 դրամ՝ նախկին 3,000 դրամին փոխարէն, իսկ անոր վաւերականութեան ժամկէտը՝ 5 տարի։

Նոր կարգաւորումներուն համաձայն՝ անձնագիր ստանալու համար քաղաքացին պէտք է ունենայ նոյնականացման քարտ։ Իսկ 16 տարեկանէն սկսեալ նոյնականացման քարտ ունենալը պարտադիր պիտի դառնայ։ Մինչեւ 16 տարեկան պատանիներն ու երեխաները նոյնպէս պիտի կարողանան ստանալ այն՝ ծնողներու  համաձայնութեամբ։

Հայաստանի մէջ այս յառաջիկայ աշնան շրջանէն սկսեալ  ընթացք պիտի առնէ նոր կենսաչափական անձը հաստատող փաստաթուղթերու՝ անձնագրերու եւ նոյնականացման քարտերու տպագրութիւնն ու քաղաքացիներուն տրամադրումը։

Նոր փաստաթուղթերը պիտի համապատասխանեն Եւրոպական Միութեան բարձրագոյն չափանիշներուն։

Նոր կենսաչափական անձնագիրը պիտի արժէ 28,650 դրամ՝ նախկին 25,000 դրամին փոխարէն եւ պիտի տրամադրուի 10 տարի ժամկէտով։

Նոյնականացման քարտի գինը պիտի ըլլայ 5,950 դրամ՝ նախկին 3,000 դրամին փոխարէն, իսկ անոր վաւերականութեան ժամկէտը՝ 5 տարի։

Նոր կարգաւորումներուն համաձայն՝ անձնագիր ստանալու համար քաղաքացին պէտք է ունենայ նոյնականացման քարտ։ Իսկ 16 տարեկանէն սկսեալ նոյնականացման քարտ ունենալը պարտադիր պիտի դառնայ։ Մինչեւ 16 տարեկան պատանիներն ու երեխաները նոյնպէս պիտի կարողանան ստանալ այն՝ ծնողներու  համաձայնութեամբ։

 Պատկան մարմիններ կը նշեն նաեւ, որ հին նմուշի փաստաթուղթերու տպագրութիւնը պիտի դադրի։