Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ըսած է, որ ամերիկացիները իրենց ենթարկեցուցած են Եւրոպան, ինչպէս ժամանակին այդ ըրած էին Նափոլէոնն ու Հիթլերը:
«Գիտէ՞ք, ստիպուած եմ այսպիսի համեմատութիւններ ընել. ժամանակին ե՛ւ Նափոլէոնը, ե՛ւ Հիթլերը խնդիր դրած էին իրեն ենթարկեցնել Եւրոպան: Հիմա այն ենթարկեցուցած են ամերիկացիները: ՆԱԹՕ-ի մէջ ընդհանրապէս հարցեր չեն յառաջանար, իսկ Եմ-ն ցոյց տուած են իր տեղը», ըսած է Լաւրով` տեսակապի միջոցով պատասխանելով արտերկրի լրագրողներու հարցումներուն: