Թարգմանչաց տօնին առիթով, Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ երեք թեմերու հոգեւորականաց միջ-թեմական համագումարը նուիրուեցաւ հոգեւոր կեանքի վերանորոգման, եկեղեցւոյ առաքելութեան վերարժեւորման եւ արդի մարտահրաւէրներուն դիմագրաւման։ «Հոգեւոր վերանորոգում՝ ծառայութեան նոր շունչ» խորագրին ներքեւ գումարուած երկօրեայ այս հանդիպումը առիթ եղաւ քննարկելու նաեւ արհեստական իմացականութեան ազդեցութիւնը նոր սերունդին վրայ՝ հետեւելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի՝ 2026-ը «Հոգեւոր վերանորոգման տարի» հռչակելու կոչին։
Ստորեւ այդ մասին սոյն կարեւոր ժողովին կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնը՝
Ընդ նախագահութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Թեմերու Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Գեղամ Ս․ Արքեպիսկոպոսի, Տէր Անուշաւան Ս․ Արքեպիսկոպոսի եւ Բաբգէն Ս․ Արքեպիսկոպոսի, Թարգմանչաց տօնի առթիւ հոգեւորականաց միջ-թեմական երկօրեայ համագումար մը տեղի ունեցաւ 6-8 Հոկտեմբերին, Լոս Անճելըսի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։
Ժողովին գլխաւոր թեման էր «Հոգեւոր վերանորոգում՝ ծառայութեան նոր շունչ», ի հետեւումն Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ․ Տ․ Արամ Ա․ Կաթողիկոսի «2026 – Հոգեւոր Վերանորոգման Տարի» հռչակագրին։
Ժողովականները իրենց աշխատանքներուն լոյսին տակ անդրադարձան «Տեսիլքէն դէպի առաքելութիւն» եւ «Եկեղեցին այսօրուան մարտահրաւէրներուն դիմաց» առանցքային զոյգ թեմաներուն, յատկապէս քննարկելով, թէ եկեղեցին ինչպիսի տեսլական եւ ռազմավարութիւն պէտք է որդեգրէ վերածաղկեցնելու համար հոգեւոր կեանքը, նաեւ նոր սերունդի կեանքին մէջ արուեստական իմացականութեան ունեցած ազդեցութեան դիմաց ինչպիսի գործնական քայլեր պէտք է առնէ։ Միաժամանակ անոնք զբաղեցան Թեմերէն ներս հովուական, ծիսական եւ կարգապահական հարցերով։
Հոգեւոր հայրերը երախտագիտութեան խոր գիտակցութեամբ իրենց հաւատարմութիւնը յայտնեցին Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա Կաթողիկոսին, ներկայ տագնապալից եւ փոթորկալից աշխարհին մէջ անոր վարած իմաստուն եւ անվեհեր ղեկավարութեան համար, նաեւ իրենց ամբողջական գործակցութիւնը ցուցաբերեցին ի խնդիր Սուրբ Աթոռի առաքելութեան յաջողութեան եւ յառաջդիմութեան։
Ժողովականները նիստերու կողքին ունեցան աղօթական ու խորհրդածութեան պահեր։ Համաձայն աւանդութեան, յատուկ հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ երեք Թեմերուն մէջ ծառայած ու վախճանած հոգեւորականներու հոգւոցն ի հանգիստ։
Հոգեշահ հաւաքի կողքին, ներկաները նաեւ հաճոյքով վայելեցին Ֆերահեան վարժարանի աշակերտութեան հրամցուցած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, ինչպէս նաեւ այցելեցին Հոլիվուտի «Կրիֆիթ» աստղադիտարանը։
Համագումարը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով, Հայրապետական մաղթերգով ու «Կիլիկիա» երգով։





