image

Առանց Ամերիկայի կարող ենք. Իրանի նախագահ

Առանց Ամերիկայի կարող ենք. Իրանի նախագահ

Իրանը, Ռուսիան եւ տարածաշրջանի միւս երկիրները կրնան տարածաշրջանի բոլոր հարցերը միասնաբար լուծել՝ առանց Միացեալ Նահանգներու միջամտութեան։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ընթացքին։

Ան նաեւ նշած է, որ Մերձաւոր Արեւելքի խնդիրներու կարգաւորման հարցով պէտք չէ յոյս դնել Միացեալ Նահանգներուն վրայ։ Մասուտ Փեզեշքիան շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան՝ քաղաքական եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ ցուցաբերած աջակցութեան համար։

Փութին իր կարգին նշած է, որ Մոսկուա կ՚ակնկալէ, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրավիճակը դրական հունով պիտի զարգանայ։

«Ռուսիա կը կատարէ Իրանի հետ համատեղ նախագիծերով ստանձնած իր բոլոր պարտաւորութիւնները։ Ընթացիկ տարուան առաջին ութ ամիսներուն ռուս-իրանական ապրանքաշրջանառութիւնը աճած է 10,4 տոկոսով», նշած է ան։