image

Ալիեւն ու Խովաեւը քննարկած են Աղտամ-Ստեփանակերտ ճանապարհի եւ Լաչինի միջանցքի բացման հարցերը

Ալիեւն ու Խովաեւը քննարկած են Աղտամ-Ստեփանակերտ ճանապարհի եւ Լաչինի միջանցքի բացման հարցերը

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ընդունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւ, յայտնած են տեղւոյն լրատուամիջոցները:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է տարածաշրջանի մէջ տիրող իրավիճակը, 2022-ի դեկտեմբերէն արգելափակուած Լաչինի միջանցքի, ինչպէս նաեւ Ակնա-Ստեփանակերտ ճանապարհի բացումը։

Ալիեւ նշած է, որ «Ատրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանի»  հայ բնակչութեան ներկայացուցիչները մերժած են Պաքուի եւ երկրի այլ քաղաքներու մէջ վերահամակրման հարցերու շուրջ քննարկումներ կատարելու հրաւէրը»: