«Զանգեզուրի միջանցք»ի ստեղծումը, ինչպէս ձեզի յայտնի է, մեր նախաձեռնութիւնն էր։ Ատրպէյճանի հիմնական հատուածը անոր անբաժանելի մասի՝ Նախիջեւանի հետ կապելը մեր վաղեմի երազանքն էր։
Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։
«Մենք վստահութեամբ եւ մեծ հմտութեամբ կը քալէինք դէպի այս նպատակը, մենք կը մօտենայինք եւ արդէն մօտեցած ենք»,-նշած է ան։