Ատրպէյճանը կ՚ուզէ տեսնել Եւրոպական Միութիւնը «Զանգեզուրի միջանցք»ի մաս, յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը:
Ատրպէյճանի նախագահի օգնականը «միջանցք»ը ներկայացուցած է որպէս այն բանի գործնական բաղադրիչ, որ ան անուանած է Ատրպէյճանի «խաղաղութեան յաղթանակի ռազմավարութիւն»:
«Խաղաղութիւնը պէտք է բերէ բարգաւաճում եւ զարգացում, ինչպէս նաեւ կառուցէ փոխկախուածութիւն հարեւաններու միջեւ: Այս պարունակին մէջ Հայաստանը կրնայ փակուղիէ վերածուիլ տարանցիկ երկրի՝ Արեւելք-Արեւմուտք եւ Հիւսիս-Հարաւ կապերու ընդլայնման զուգընթաց», - նշած է Հաճիեւը։
«Զանգեզուրի միջանցք»ը Չինաստանի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ «Միջին միջանցք»ի մաս անուանելով՝ Հաճիեւը նշած է, որ այդ երթուղին պիտի ունենայ փոխակերպող ազդեցութիւն Եւրասիական փոխադրային ենթակառուցուածքներու վրայ եւ որ Ատրպէյճան ինքզինք կը համարէ գլխաւոր դերակատար այս գործընթացին մէջ։