image

«Զանգեզուրի միջանցք»ի բացմամբ պիտի բացուի Թուրքիոյ մէջէն անցնող արեւելք-արեւմուտք գիծը․ Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան

«Զանգեզուրի միջանցք»ի բացմամբ պիտի բացուի Թուրքիոյ մէջէն անցնող արեւելք-արեւմուտք գիծը․ Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան

«Մէկ ազգ՝ երկու պետութիւն» սկզբունքը վաղուց դուրս եկած է պարզ կարգախօսի շրջածիրէն եւ վերածուած աշխարհաքաղաքական միասնութեան։  Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Պիրոլ Աքկիւնը։

«Տարածաշրջանը, ուր մենք կը գտնուինք, պիտի դառնայ ամենանշանակալիներէն մէկը փոխուող աշխարհակարգին մէջ, քանի որ այստեղէն կ՚անցնի Միջին միջանցքը։

«Զանգեզուրի միջանցք»ի բացմամբ պիտի բացուի Թուրքիոյ մէջէն անցնող արեւելք-արեւմուտք երթուղին։ Յաջորդ տասը տարիներու ընթացքին մենք պիտի տեսնենք այս գործընթացներու առաջընթացը»,-ըսած է ան։