image
Հրատապ լուրեր:

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Լիբանանը՝ երրորդ օրակարգ

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Լիբանանը՝ երրորդ օրակարգ

Միացեալ Նահանգներու զոյգ պատուիրակներու լիբանանեան այցելութիւնները անշուշտ հիմնականին մէջ նոյն ուղերձները կը բովանդակեն: Երեւոյթը որոշ հարցականներ կը ստեղծէ, թէ ինչո՛ւ Ուաշինկթընը կը պատուիրակէ տարբեր անձնաւորութիւններ հիմնականին մէջ նոյն օրակարգը քննարկելու եւ յատկապէս նոյն ուղերձը յղելու համար պաշտօնական Պէյրութին:

Քաղաքական այս զուգերգը  տարբեր ելեւէջներ ունի: Օրթէյկըսի Պէյրութ այցելութիւնը եւ եռեակի հետ հանդիպումին վերաբերող պաշտօնական լրատուութիւնները շեշտուած ձեւով լիբանանեան կողմին փոխանցուածներուն մասին են: Կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, որ ամերիկացի պաշտօնատարը ժամանած է Լիբանան` լսելու համար պաշտօնական դիրքորոշումները ոչ միայն Հըզպալլայի զինաթափման, այլ ՄԱԿ-ի թիւ 1701-ի կիրարկելիութեան եւ աւելի հեռու` Լիբանան-Իսրայէլ ցամաքային սահմանազատման օրակարգերուն շուրջ: Ինչ որ ընդհանուր հաշուով բազմիցս փոխանցուած է:

Շուտով կը ժամանէ երկրորդ պատուիրակը` Պարրաքը: Այստեղ կը փոխուին շեշտադրումները: Աւելի ամերիկեան փոխանցումներուն մասին իրազեկ կը դառնան հասարակութիւնն ու հանրային կարծիքը: Աւելի՛ն, ըստ կանխատեսումներու, կը ճշդուի ժամկէտ, որ բնականաբար պարունակած կ՛ըլլայ սպառնալիք: Այլ խօսքով, արդէն իսկ շրջանառութեան մէջ կը դրուի լրատուութիւն, որ վերջին ժամկէտին մասին է խօսքը, եւ եթէ լիբանանեան կողմը չյարգէ ստանձնած յանձնառութիւնները կատարելու պայմանաժամը, ապա Իսրայէլ ազատ կ՛ըլլայ իրականացնելու իր առաջադրանքները:

Քարոզչական ենթահողի պատրաստութիւնը ճնշումի միջոց է անշուշտ: Յանձնառութիւններու կատարումը միայն լիբանանեան կողմին չի վերաբերիր, այլ նաեւ Թել Աւիւին, որ կը շարունակէ խախտել հրադադարը եւ հարուածել լիբանանեան տարածքները:

Տարածաշրջանի քաղաքական քարտէսի վերագծումը իրերայաջորդ փուլեր կ՛ենթադրէ: Կազայի պատերազմը աւելի հաստատ  հիմունքներով պէտք է յանգի, որպէսզի սկսին բանակցութիւնները: Զինադուլը կը խախտի երկկողմանիօրէն, սակայն մեծ ճնշում կը բանեցուի, որպէսզի անիկա չվերաբռնկի: Մինչ այդ, սպառնալիքներով յատկանշուող փոխանցումները կը շարունակուին, կողմերը զգուշացնելու համար, որ չդիմեն ծաւալային գործողութիւններու: Առընթեր կ՛աշխուժանան Թել Աւիւի եւ Դամասկոսի միջեւ  յարաբերութիւններու հաստատման բանակցութիւնները սկսելու փորձերը: Թել Աւիւը կը յայտարարէ, որ որեւէ անջատողական կողմ չի քաջալերեր եւ սատար է Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան:

Երրորդ կարգի վրայ է Լիբանանը: Այդ կը նշանակէ, որ նոյն աշխուժութեամբ չէ, որ կը տարուին բանակցութիւնները: Տակաւին դիւրաբեկ զինադուլի փուլին մէջ կը գտնուի երկիրը: Զինադուլէն բանակցութիւններ անցումը արագ չէ  եւ արագացնելու հերթը  կը թուի, որ չէ հասած տակաւին: Լիբանանէն առաջ Կազայի եւ Սուրիոյ մէջ լուծելի հիմնական խնդիրներ կան:

Լիբանանի պարագային դիւանագիտական եռուզեռը կը շարունակուի Ուաշինկթըն-Պէյրութ գիծին վրայ, զոյգ պատուիրակներ հերթաբար Պէյրութ կ՛այցելեն, անոնցմէ մէկը կը լսէ լիբանանեան կողմի մօտեցումները, միւսը  ժամկէտով կը խօսի Պէյրութի ներկայացուցիչներուն հետ: Բոլորը գիտեն, որ հարցի լուծումը ենթաօրակարգ է Ուաշինկթըն-Թեհրան բանակցութիւններու, որոնք երեւութապէս առկախուած են:

Լիբանանը տակաւին չէ գրաւած օրակարգի առաջին հորիզոնականը:

 

«Ա.»

Հոկտ. 30, 2025