Ատրպէյճանական կողմին ըսած եմ, որ մեզի համար ընդունելի չէ, որ մեր Սահմանադրութեան վերաբերեալ հարցեր կը բարձրացուին, որովհետեւ այդ մեր օրակարգն է։ Անոնք ըսած են, որ կ՚ընդունին այդ իրողութիւնը եւ միջամտելու իրաւունք չունին. պարզապէս մեզի կը տեղեկացնեն, որ իրենք նման քաղաքական դիրքորոշում ունին, -ըսած է Փաշինեան։
«Եթէ մենք այսպէս թէ այնպէս փոխելու ենք Սահմանադրութիւնը, դա արդէն իսկ մեր նախընտրական եւ Կառավարութեան ծրագրի մաս է, ինչն է մեզ խանգարում, որպէսզի հաճելին համատեղենք օգտակարի հետ», նշած է ան։
Ընդդիմութեան մեր գործընկերները պիտի փորձենք համոզել, որ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը կարեւոր է։ Եթէ չյաջողինք, կրնայ ըլլալ, որ արտահերթ ընտրութիւններու երթանք,- յայտարարած է Փաշինեան։