image

Ըստ Սամուէլ Բաբայեանի Արցախի քաղաքական վերնախաւը պէտք է դատարանի առաջ կանգնի

Ըստ Սամուէլ Բաբայեանի Արցախի քաղաքական վերնախաւը  պէտք է դատարանի առաջ կանգնի

Արցախի ազգային ժողովի 22 պատգամաւորները, ինչպէս նաեւ Բակօ Սահակեանը, Արկադի Ղուկասեանը, Արայիկ Յարութիւնեանն ու Սամուէլ Շահրամանեանը պէտք է դատարանի առաջ կանգնին:

Այս մասին Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերին Պետրոս Ղազարեանի հետ հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է «Միասնական հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Սամուէլ Բաբայեանը։

Բաբայեանի խօսքով՝ Արցախի գործող ու նախկին ղեկավարները եւ պատգամաւորները յայտարարութիւն տարածած են կռիւէն ետք, ըստ որու՝ ՀՀ-ն իր բանակը պէտք է հանէ Լեռնային Ղարաբաղէն, մինչդեռ Հայաստանն այնտեղ բանակ չունէր։

«Ես գիտեմ՝ այդ տեքստն ով է գրել։ Ռուսական կողմն է գրել, որ Հայաստանին կրկին մտցնի խաղի մէջ»։

Անոր խօսքով՝ վերոնշեալ անձինք ամբողջ բանակի մը զէնք յանձնած են Ատրպէյճանին, միեւնոյն ժամանակ իրեն ալ փորձած են իրենց յանցակից դարձնել։

«Այս յանցագործները պէտք է պատասխան տան։ Համարէք սա հաղորդում, հենց մտնեն ՀՀ տարածք, պէտք է քրէական պատասխանատւութեան ենթարկուեն։ Մենք Ադրբեջանի հետ պայմանաւորուել ենք «ավտոնոմ ռեսպուբլիկայի» կէտ առ կէտ գրուած 23 կէտի մասին, Ադրբեջանը համաձայնուել է: Այն մարդիկ, որոնք այդ փաստաթղթերը սահմանով տուել ու ստացել են, բանակցել են, կը գան, դատարանում ցուցմունք կը տան», -ըսած է ան։

Պետրոս Ղազարեանի հարցին՝ եղա՞ծ է այլընտրանք եւ տեղի ունեցածէն խուսափելու հնարաւորութիւն, Բաբայեանը դրական պատասխան տուած է:

«Մենք կարող էինք 4400 քառակուսի քիլոմեթր տարածքի վրայ ստեղծել ավտոնոմ ռեսպուբլիկա, մեր գվարդիան ունենալ: Այս մարդիկ չեն ցանկացել: Ես բանակցել եմ միջնորդաւորուած, Ադրբեջանը համաձայնուել է: Բոլորը կը գան, դատարանում ցուցմունք կը տան»,-ըսած է Բաբայեանը՝ աւելցնելով, որ այդ մասին որեւէ մէկուն չէ տեղեկացուցած, քանի որ ոչ մէկն այդ մասին իրեն չէ հարցուցած, որեւէ հաւաքի չեն հրաւիրած:

«Իրենք պետական յանցագործ են, ժողովուրդն արել է հանրաքուէ, ընտրել է անկախութիւն, իրենք եկան, անկախութիւնը մի փաստաթղթով չեղեալ են համարել, որի իրաւունքը չունէին, եւ Ղարաբաղն ամբողջութեամբ յանձնել Ադրբեջանին»,- աւելցուցած է Բաբայեանը: