Արցախի խորհրդարանի «Միասնական հայրենիք» խմբակցութեան կողմէ Սամուէլ Բաբայեանը Արցախի նախագահի թեկնածու առաջադրելու դիմումը վերադարձուած է։ Այդ մասին ըսուած է Ազգային Ժողովի յատուկ նիստ գումարելու մասին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնակատար Գագիկ Բաղունցի յայտարարութեան մէջ։
«Ազգային ժողովի «Ազատ հայրենիք – Քաղաքացիական միացեալ դաշինք», «Արդարութիւն», «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» եւ «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութիւնները Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու են առաջադրել Սամուէլ Սերգէյի Շահրամանեանին, «Միասնական հայրենիք» խմբակցութիւնը՝ Սամուէլ Անդրանիկի Բաբայեանին: Սամուէլ Բաբայեանին նախագահի թեկնածու առաջադրելու դիմումը եւ դրան կից ներկայացուած փաստաթղթերը վերադարձուել են՝ վերջին տասը տարում միայն Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսանալու, վերջին տասը տարում Արցախի Հանրապետութիւնում մշտապէս բնակուելու մասին տեղեկանքը չներկայացնելու պատճառով»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Արցախի նախագահի ընտրութեան հարցով Ազգային ժողովի յատուկ նիստը պիտի գումարուի 2023-ի 9 սեպտեմբերին՝ ժամը 11:00-ին։