Ղարիպ Բաբայեանի ձերբակալութիւնէն վրդովուած քաղաքացիներ փակած են «Հիւսիս-Հարաւ» մայրուղին։
Նշենք, որ դատարանի բակը մեծ թիւով քաղաքացիներ հաւաքուած են, ընդդիմադիր պատգամաւորներ, Բագրատ Սրբազանը նոյնպէս այնտեղ եղած է, վրդովուած քաղաքացիները իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են ձայնային ազդանշան տալով:
Յիշեցնենք, որ Բաբայեան ձերբակալուած է Երեւանի կեդրոնը ատրպէյճաներէն «Ղարաբաղ» երգողներու տեսանիւթը տարածելու համար։ Դատարանը կը քննէ անոր կալանքի հարցը: