image

22 տարուան ընդմիջումէ ետք. «Արսենալ»ը Անգլիոյ ախոյեան

22 տարուան ընդմիջումէ ետք. «Արսենալ»ը Անգլիոյ ախոյեան

Անգլիոյ Փրեմիըր Լիկայի նախավերջի՝ 37-րդ տարին, «Պորնմութ»ը սեփական դաշտին վրայ մարտական ոչ-ոքի մը խաղցաւ «Մանչեսթըր Սիթի»-ի դէմ (1-1)։

Տանտէրերու կազմին մէջ 39-րդ վայրկեանին հաշիւը բացաւ Էլի Ժունիոր Քրուփին, իսկ հիւրերը միայն մրցավարին կողմէ աւելցուած ժամանակին կրցան խուսափիլ պարտութենէն․ 90+5-րդ վայրկեանին հաշիւը հաւասարեցուց Էրլինկ Հալանտը։

Հակառակ այս կոլին, արձանագրուած ոչ-ոքին վճռորոշ եղաւ ախոյեանութեան մրցապայքարին մէջ․ «Մանչեսթըր Սիթի» վաստկեց 78 միաւոր եւ կորսնցուց տիտղոսը պաշտպանելու տեսական կարելիութիւնը։

Որպէս արդիւնք, առաջնութեան աւարտէն մէկ հանգրուան առաջ մրցաշարային աղիւսակը 82 միաւորով գլխաւորող Լոնտոնի «Արսենալ»-ը անհասանելի դարձաւ հետապնդողներու համար եւ 22 տարուան ընդմիջումէ ետք պաշտօնապէս նուաճեց Անգլիոյ ախոյեանի տիտղոսը։