image
Հրատապ լուրեր:

Արսէն Յարութիւնեան՝ Real American Freestyle-ի ախոյեան

Արսէն Յարութիւնեան՝ Real American Freestyle-ի ախոյեան

 

Եւրոպայի քառակի ախոյեան, աշխարհի առաջնութեան քառակի պրոնզէ մետալակիր Արսէն Յարութիւնեան նուաճած է Real American Freestyle-ի (RAF) թեթեւագոյն քաշային կարգի ախոյեանական գօտին։

19 Սեպտեմբերին Մայամիի մէջ կայացած RAF 13 մրցաշարի գլխաւոր տիտղոսային մենամարտին 26-ամեայ հայ ըմբիշը յաղթած է ամերիկացի Օսթին Տեսանթոյի։

Գօտեմարտը տեւած է նախատեսուած երեք մրցափուլերը եւ ընթացած՝ չափազանց դիտարժան ու լարուած պայքարի մէջ։ Յարութիւնեան սկզբնական փուլին առաջ անցած է 2-0 հաշուով, սակայն 27-ամեայ Տեսանթոն երկրորդ մրցափուլին յաջողած է նախաձեռնութիւնը իր ձեռքը վերցնել եւ հաւասարեցնել հաշիւը։

Ամէն ինչ վճռուած է մենամարտի վերջին մասին։ Հայ մարզիկը կտրուկ բարձրացուցած է պայքարի ըմթացքը, կատարած է քանի մը արդիւնաւէտ հնարքներ եւ վերահսկելով իրավիճակը՝ մրցումը աւարտած է 6-3 հաշուով իր օգտին։