Տարիներով փայլելէ ետք Աթլեթիքօ ակադեմիայի տղոց պատանիներու խումբին հետ, ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն Սօսէ Սեփեթճեան քանի մը օր առաջ շահեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կազմակերպած պատանիներու (15 տարեկանէն վար) ֆութպոլի ախոյեանութիւնը վուլվզ ակադեմիային հետ:
Նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ 15 տարեկան աղջկանց խումբ չունի, Սօսէ Սեփեթճեան մասնակցեցաւ Վուլվզ խումբին հետ, որ իր կարգին պաշտօնական արտօնագիր չունենալով կ՛օգտագործէր Անդրանիկ ակումբի արտօնագիրը:
Առաջին հանգրուանին Վուլվզի խմբակին մէջ կը գտնուէին նախապէս Լիբանանի ախոյեան Նըժմէ եւ Նօ Լիմիթց:
Վուլվզ յաջողեցաւ երկու խումբերուն ալ յաղթել` հասնելով 4 խմբակները շահած աւարտական քառեակին:
Պէյրութ Ֆ. Ք., Վուլվզ, Իլեվըն ֆութպոլ Փրօ (Ի. Էֆ. Փի.) եւ Եունայթըտ Թրիփոլի մասնակցեցան աւարտական փուլին:
Առաջին մրցումին Վուլվզ յաղթեց Պէյրութ Ֆ. Ք.-ին (2-1), ապա հաւասարութիւն արձանագրեց Ի. Էֆ. Փի.-ի հետ, մրցումի մը, որուն նմանը միայն Լիբանանի մէջ կրնանք տեսնել: Արդարեւ, Սօսէ, Սեփեթճեանի ակումբը կոլ նշանակած էր եւ կը տօնէր, մինչ մրցակից խումբը արագ շարժելով կոլ նշանակած էր… առանց մրցակիցներու ներկայութեան դաշտին վրայ:
Յամենայն դէպս վերջին մրցումին, Սօսէ Սեփեթճեան, որ խումբին կրտսերագոյն անդամն է (12 տարեկան), կրցաւ բարձր մակարդակի ելոյթ ունենալ, եւ յաճախ խաղի կը բերէր մրցակից մարզիկները: Ան բազմիցս ենթարկուեցաւ կարծր ֆաուլերու, որոնցմէ մէկուն ընթացքին Վուլվզ ազատ հարուածով նշանակեց մրցումի միակ կոլը: Սօսէ ընտրուեցաւ մրցումին աստղը («Էմ. Վի. Փի.»), եւ ան բաժակը շահելու գլխաւոր պատճառներէն մէկն էր: Սօսէ Սեփեթճեան 12 տարեկանին մեծ փորձառութիւն ունի տղոց հետ մրցաշարքերու մասնակցելով Աթլեթիքոյի եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի հետ, ինչպէս նաեւ անշուշտ ՀՄԸՄ-ի այժմու աղջկանց խումբին ալ մաս կազմելով:
Փայլուն ապագայ խոստացող ֆութպոլիստը, որ վարպետ ճատրակի մրցումներու ալ կը մասնակցի, օրէ օր տիտղոսներ շահելով օրինակ կը դառնայ իր նման երազ ունեցող եւ ֆութպոլ սիրող աղջնակներու:
Կը շնորհաւորենք Սօսէ Սեփեթճեանը եւ իր ընտանիքը` յոյսով, որ մօտիկ ապագային նորանոր յաջողութիւններ կը լսենք իր մասին:
Վստահաբար անոր խաղաձեւը բազմաթիւ մարզիչներու եւ ֆետերասիոնի անդամներու ուշադրութիւնը գրաւեց, եւ զայն օր մը կրնանք տեսնել Լիբանանի ազգային խումբին մէջ:
Լուրը՝ «Ազդակ»էն

