image

Անգլիոյ դեսպանը կանչուած է Ռուսիոյ ԱԳՆ

Անգլիոյ դեսպանը կանչուած է Ռուսիոյ ԱԳՆ

Մոսկուայի մէջ Միացեալ Թագաւորութեան դեսպան Տէյնի Տոլաքինան կանչուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Ռուսական կողմը անոր բողոք յայտնած է Ուքրանիոյ անօդաչու թռչող սարքերու եւ այլ զինատեսակներու մատակարարումներու աւելացման կապակցութեամբ։

«Անոր վճռական բողոք յայտնուած է Լոնտոնի կողմէ Քիեւի վարչակարգին անօդաչու թռչող սարքերու եւ այլ զինատեսակներու մատակարարումներու հետագայ աւելացման կապակցութեամբ»,– ըսուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը բողոքի ներկայացման վերաբերեալ յաւելեալ մանրամասնութիւններ չէ հաղորդած։