Թէլ Աւիւ-(«Ալ Ախպար»-Պէյրութ) Ըստ «Ալ Ախպար»ին, Իսրայէլը անուղղակի սպառնալիքի նամակ յղած է «Համաս»ին, զգուշացնելով գործողութիւններ գործարկել ընդդէմ իսրայէլեան բանակին կամ վերաբնակեցուած վայրերուն եւ աւելցուցած, որ որեւէ զինուորական քայլ պիտի ընդունուի, որպէս վտանգաւոր մագլցում եւ պատճառ դառնայ «Համաս»ի իշխանութեան անկման եւ հեղինակութեան կորուստին: Թերթի յօդուածագիրներէն ՝ Եահեա Տըպպուք այս մասին կը գրէ, թէ իսրայէլեան սպառնալիքի նամակը փոխանցուած է երէկ, Իսրայէլեան բանակի սպայի մը միջոցաւ, որ ներկայիս Կազզայի սահմանագծին վրայ հսկող Կոլանի ջոկատի առաջնորդն է: Սպան ըսած է, որ Համասը եւ Կազզայի պաղեստինցիները ցաւոտ եւ շատ մեծ հարուած մը ստացան անցեալ տարի, Իսրայէլի ըրած գործողութեան հետեւանքով, սակայն Համաս պատահածին փոխարէն չապահովեց պաղեստինցիներուն որեւէ նուաճում եւ շարունակած, թէ կրակմարի համար դրուած բոլոր պայմանները շոգիացան, աշխարհը մոռցաւ պաղեստինցիները այնտեղ, մարդիկ փլատակներու տակ կ'ապրին, շինարարութիւն չկայ, դանդաղ կ'ընթանան նորոգութեան աշխատանքները եւ հաւանական է, որ վիճակը աւելի ծանրակշիռ դառնայ Կազզայի մէջ: Ան շարունակեց իր ողբերգական նկարագրութիւնը ըսելով. «Կազզայի բնակիչները յուսահատական վիճակ կ'ապրին, անոնք կը տեսնեն ելեկդրական հոսանքը իրենց հանդիման գտնուող իսրայէլական վերաբնակուած շրջաններու մէջ, մինչ իրենք մութին մէջ կը լողան, կ'ապրին տնտեսական վատ վիճակ, մինչ միւս կողմի բնակիչները աւելի բարւոք պայմաններու մէջ կ'ապրին» եւ շարունակեց. «Կազզայի մէջ վիճակը հանդարտ չէ, ժողովրդային բողոքի շարժում կայ Համասի իշխանութեան դէմ, որ կը փորձէ իր դէմ ելած առկայ մթնոլորտը ծածկել եւ բողոքի ալիքը խեղդել իր սաղմին մէջ»: Այս բոլորին կողքին «Իսրայէլեան բանակի զինուորական գաղտնի ծառայութիւնները» կը կարծեն, թէ «Համաս»ի զինուորական թեւը կը պատրաստուի զինուորական յարձակումի Իսրայէլի դէմ եւ կը նախատեսուի, որ կրնայ սկսիլ յառաջիկայ Մարտին, Համաս յատկապէս պիտի օգտուի ոլորտի ազգային ներուժէն, բարելաւելով հեռաւոր դիրքեր հարուածող հրթիռները, գետնուղիներ փորելով, սկսելու համար գալիք ճակատումները, սահմաններ ամրապնդեով, նաեւ ծովային յարձակման կամաւորներու յատուկ պատրաստութիւններով «զինուելով»: