image

Ընդդիմութեան բողոքի գործողութիւնները կը շարունակուին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ

Ընդդիմութեան բողոքի գործողութիւնները կը շարունակուին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ

«Արեւելքի» Երեւանի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ այս պահուն, «Հանրապետութեան» հրապարակին վրայ, ընդդիմութեան բողոքի գործողութիւնները կը շարունակուին:

Նշենք, որ այսօր առաւօտ ընթացք առած էր ընդդիմութեան առաջարկով գործադուլ եւ դասադուլ, որուն արդիւնքով հազարաւոր քաղաքացիներ ժամանեցին «Հանրապետութեան» հրապարակ՝ պահանջելով Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:

Յետմիջօրէին, ժողովուրդը ցրուեցաւ եւ աւելի վերջ պարզ պիտի դառնան ընդդիմութեան առաջիկայ քայլերը:

Յիշեցնենք նաեւ, որ Հ. Յ. Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ՝ Իշխան Սաղաթէլեան, աւելի վաղ խօսք առնելով նշեց, որ ինք «Իմ քայլ»-ի պատգամաւորներէն կը պահանջէ քաղաքական գործընթացք սկսիլ եւ խորհրդարանին մէջ պահանջել Փաշինեանի հրաժարականը: Առաջիկային պարզ պիտի դառնայ թէ  ընդդիմութիւնը ինչ քայլերու պիտի դիմէ: