«Արեւելքի» Երեւանի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ այս պահուն, «Հանրապետութեան» հրապարակին վրայ, ընդդիմութեան բողոքի գործողութիւնները կը շարունակուին:
Նշենք, որ այսօր առաւօտ ընթացք առած էր ընդդիմութեան առաջարկով գործադուլ եւ դասադուլ, որուն արդիւնքով հազարաւոր քաղաքացիներ ժամանեցին «Հանրապետութեան» հրապարակ՝ պահանջելով Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:
Յետմիջօրէին, ժողովուրդը ցրուեցաւ եւ աւելի վերջ պարզ պիտի դառնան ընդդիմութեան առաջիկայ քայլերը:
Յիշեցնենք նաեւ, որ Հ. Յ. Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ՝ Իշխան Սաղաթէլեան, աւելի վաղ խօսք առնելով նշեց, որ ինք «Իմ քայլ»-ի պատգամաւորներէն կը պահանջէ քաղաքական գործընթացք սկսիլ եւ խորհրդարանին մէջ պահանջել Փաշինեանի հրաժարականը: Առաջիկային պարզ պիտի դառնայ թէ ընդդիմութիւնը ինչ քայլերու պիտի դիմէ:
