Յաճախ ծայրայեղական, երբեմն տրամաբանուած բայց անվաւեր, մերթ վիրաւորող, բայց առհասարակ բարի։
Խօսքը ամերիկահայ վաւերագրող Ստեփան Փարթամեանին մասին է, որ օրերս եւրոպական մի քանի երկիրներ այցելելէ ետք արդէն իսկ հասած է Հայաստան։
Մեր խօսակիցին համար հայկական հետքերուն ետին երթալը ապրելու իմաստ ունի։
Ստեփանը կը մերժէ եկեղեցի յաճախել, յաճախ վիրաւորական խօսքեր կ՚ուղղէ մեր եկեղեցւոյ հասցէին, բայց եւ այնպէս կ՚ապրի եւ կ՚արարէ յանուն իր արմատներուն։ Ստեփան Փարթամեանը կ՚ապրի այդ արմատներուն համար եւ կարճ ասած այդ արմատներով։
Երբ Ստեփանի հետ այս հարցազրոյցը ըրինք ան կը գտնուէր Գերմանիոյ մէջ եւ կ՚ուղղուէր դէպի Լեհաստան։ Ան կը շրջէր երկրէ երկիր վաւերագրելու եւ հայութեան հետ կապուած իւրաքանչիւր փաստ պահպանելու եւ «յաւիտենականացնելու» համար։
Նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար պիտի ըսէր արմատներով պէյրութահայ Ստեփանը անշուշտ այդ բառերուն վրայ աւելցնելով, իր կողմէ հրապարակ հանուած «ձեր դրամով» խօսքը, որուն հիմնական նպատակն էր շարժել «անհոգ» հայերու հոգին։
Երբ մեզմէ շատեր Ստեփանը կը տեսնեն հեռուստատեսոյցի պաստառին պահ մը կանգ կ՚առնեն, շատեր կը դժգոհին, շատեր կը բողոքեն եւ շատեր ալ նախատական խօսքեր կը հնչեցնեն, բայց եւ այնպէս բոլոր անխտիր կանգ կ՚առնեն եւ կ՚ուզեն առնուազն լսել անոր մէկ բառը ...
Ու կարեւորն այն է, որ շատերու համար «գիծէն դուրս» ելած Ստեփան Փարթամեանը ըսելիք ունի։ Անոր խօսքը պարապ չէ։ Եթէ նոյնիսկ ծայրայեղական մօտեցումներ ունենայ յստակ է, որ ան կը խօսի ունենալով մտահոգութիւն մը։
Ստեփանը մեր ազգին ու ժողովուրդին լաւը կ՚ուզէ ... վստահաբար։
Շատեր պիտի ըսեն, որ ան մեր հաւատքը կ՚անտետսէ եւ վիրաւորանքներ կը յղէ հայոց դարաւոր եկեղեցիին հանդէպ ... հասկնալի է այդ մօտեցումը ու յաճախ նկատելի է, որ Ստեփան կը հատէ բոլոր կարմիր գիծերը, բայց եւ այնպէս ան այդ բոլորը կ՚ընէ մեղքը վերցնելով միայն իր ուսերուն։
Եթէ կարեւոր բաներ կան անոր խօսքին մէջ, ապա այդ վիրաւորական շեշտերը պէտք է համարուին միայն իր անհատական տեսակէտները, որոնք ոչ մէկ կերպ կրնան նուազեցնել իր ժողովուրդը սիրող Ստեփանի հոգիէն։
Պէտք է նաեւ նշել, որ հակառակ շատերու ձեւական մօտեցումներուն (յատկապէս այն ամերիկահայ գործիչներուն մասին է խօսքը, որ Հայաստան գալ-երթալը շոուի վերածած են) Ստեփան վճռած է յառաջիկայ տարի վերջնականապէս Հայաստան հաստատուիլ։
Սա ինքնին ապտակ է, բոլոր անոնց երեսին, որոնք յատկապէս վերջին տարիներուն իբրեւ թէ մտահոգ են Հայաստանի վիճակով զբաղած են միայն խօսքի առեւտուրով։
Ցաւօք Հայաստանի հասարկութեան կարեւոր մէկ մասը ցարդ ալ խաբուած է այդ գործիչներու շողոքորթ մօտեցումներէն։
Ահա եւ հարցազրոյցը՝
Պրն. Փարթամեան գիտենք, որ վերջերս կը գտնուէիք Եւրոպա վաւերագրելու համար տարբեր երկիրներու մէջ եղող հայկական հետքերը։ Կրնա՞ք փակագծերը բանալ։
Ես կը շրջիմ երկրէ երկիր եւ այդ ամէնն ապացուցող փաստեր կը հաւաքեմ, կը վաւերագրում եւ կը համադրեմ: Ցեղասպանութիւնը, այո՛, մեզի դուրս դրաւ մեր հողերէն, մենք կորսնցուցինք Արեւմտեան Հայաստանը, բայց ցրուեցանք աշխարհով մէկ եւ այսօր երկրագունդի տէրը դարձանք, որուն համար պէտք է ուրախանանք, ոչ թէ նստինք ու տխրինք։ Սովորաբար հայերուն բնորոշ է աւելի շատ տխրիլ, քան՝ ուրախանալ:
- Գիտենք նաեւ, որ այս ծրագրի իրականացման համար դուք դիմած էք ժողովուրդի օգնութեան, ինչ կրնաք ըսել այդ մասին։
Հայկական հետքի վաւերագրութեան արշաւը սկսելու համար հայութեան դիմած եմ ժողովուրդին եւ կ՚ակնկալեմ նիւթական օժանդակութեա, սակայն միշտ չէ, որ աջակցութիւն կը ստանամ։Գաղափարը ողջունողները շատ եղած են, բայց աջակցողները՝ քիչ: Իսկ եթէ որեւէ որբի, հիւանդի կամ անտունի օգնելու հարց ըլլայ, հայերը արագ կ'արձագանգեն, այս մէկը եւս ապացոյց է այն բանին, որ տխրութեան շուրջ կը համախմբուինք եւ ոչ՝ ուրախութեան: Շատ քիչ մարդիկ կը գիտակցին, որ երկրագունդի գոյութիւնը մեր ուրախութիւնն է եւ այդ փաստը վաւերագրելուն պէտք է աջակցիլ։
-Պրն. Փարթամեան դուք յաճախ հայ եկեղեցին կը քննադատէք, բայց եւ այնպէս ձեր վաւերագրական աշխատանքներուն մէջ կարեւոր տեղ տրուած է եկեղեցական կառոյցներուն։ Ինչո՞վ պայմանաւորուած է այս մէկը։
Զարմանալի է, որ հայերը բոլոր գաղթօճախներուն մէջ գումարներ տրամադրած են եկեղեցիներ կառուցելու համար, իսկ այդ եկեղեցիները ինչ-որ տեղ այդ գաղթօճախներուն մէջ հայու ինքնութեան դէմ կը գործեն Բացատրեմ. բոլոր եկեղեցիները, ուր այցելած եմ, դատարկ են, բացի կիրակի օրուընէ: Անոնք կարծես միայն կիրակի օրուան համար կառուցուած եկեղեցիներ ըլլան, եւ այդ արդէն պատճառ կը դառնայ, որ միւս օրերուն չգործող եկեղեցիները աշխատին հայու ինքնութեան պահպանման դէմ, քանի որ այդ օրերուն այնտեղ ինքնութեան պահպանման ոչ մէկ գործունէութիւն կայ։ Եկեղեցին ոչ թէ իբրեւ եկեղեցի կը վաւերագրեմ, այլ իբրեւ կառոյց մը, որ գողցած է հայու ինքնութիւնը, գոյատեւելու կարողութիւնը: Եթէ ան հայու ինքնութիւնը չգողնար չէր կրնար գոյատեւել: Իմ վաւերագրած քսաներկու երկիրներուս մէջ ալ նոյն իրավիճակն է՝ հայու ինքնութեան հարցը շահագործուած է եկամուտ ստանալու համար, հակառակ պարագային ո՞վ եկեղեցիին գումար պիտի տայ:
-Իսկ ինչ կը մատծէք սփիւռքի ապագային մասին։
Վստահ եմ, որ սփիւռքը դէպի ձուլման կ'երթայ։ Մեր աչքին առջեւ է Հնդկաստանի, Հոլանտայի եւ բազմաթիւ այլ վայրերու օրինակները։ Ես ասկած չունիմ, որ պիտի գայ ժամանակը, երբ պիտի ըսենք՝ Ամերիկայի մէջ հայախօս հայեր եղած են…։Ատոր մասին տասնամեակներ ետք հպարտութեամբ պիտի խօսինք, ինչպէս այսօր հպարտութեամբ կը խօսինք այս կամ այն երկրի ծաղկուն հայկական գաղութին մասին: Եթէ չէք կրնար գաղութները պահպանել, ապա գոնէ օժանդակեցէք, որ վաւերագրուին եղածը, որ այդ հետքերը մնան պատմութեան համար:
-Ինչ կարծիք ունի՞ք Հայաստանի մէջ եղած վերջին զարգացումներուն մասին։
Ես խանդավառ եմ փոփոխութեամբ, բայց կ'ուզեմ, որ աւելի մասնագէտ մարդիկ գործի անցնին, հիմա մեղրամիսի մէջ է Հայաստանը, եւ եթէ որեւէ մէկը քննադատէ բան մը, կ'ըսեն դուն հակայեղափոխական ես: Մտածելակերպի փոփոխութեան, մեծ հաշուով մշակութային յեղափոխութեան կարիք կայ։
-Առիթով մը յայտնեցիք, որ մտադիր էք վերջնականապէս Հայաստան հաստատուիլ։ Ի՞նչ է իրական պատճառը այդ որոշումին։
Ամէն իրաւ հայու տեղը Հայաստանն է։ Այլ տեղ չունինք նայելու։ Մեզմէ շատերուն համար երկար ժամանակ առած այս եզրակացութեան հասնիլ, որովհետեւ հայերս միշտ ալ եղած են որոնող եւ փնտռող։ Ամէն տեղ փորձած են հայրենիք փնտռել ու աւարտին ձախողած։ Արեւելք կը նայինք մեր ինքնութիւնը կը փնտռենք, արեւմուտք կը նայինք, մեր ինքնութիւնը կը փնտռենք, բայց այնքան անուշադիր ենք, որ չենք հասկնար, որ կեդրոնը մենք ենք, մեր ինքնութեան եւ աշխարհի կեդրոնն այստեղ է: Հայու ինքնութեան բացայայտման, բարձր մշակոյթի պահպանման իմ պայքարը պիտի շարունակեմ Հայաստանի մէջ: Շատերն այդ պարագային պիտի համոզուին, որ ես հայաստանցիներուն դէմ չեմ, ինչպէս կը կարծեն: Ընդհակառակը՝ ես ինծի միշտ հայաստանցի համարած եմ, եւ կը կարծեմ, որ աշխարհի բոլոր հայերն ալ իրենք զիրենք հայաստանցի պիտի կոչեն։