Թիֆլիսի մէջ արդէն 6-րդ օրն է կը շարունակուին բողոքի ցոյցերը։
Յիշեցնենք, որ Թիֆլիսիի կեդրոնին մէջ բողոքի ցոյցերը սկսած էին 20 յունին ՌԴ պետդումայի պատգամաւոր Սերկէյ Կաւրիլովի ելոյթի պատճառով, որ ներկայ եղած էր Վրաստանը մէջ իրականացուող Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովի նիստին:
Նիստի մեկնարկէն ետք ան նստած էր խորհրդարանի խօսնակի աթոռին եւ հաւաքուածներուն ռուսերենով ուղերձ յղած:
Բողոքի ցոյցի մասնակիցները գրոհած էին խորհրդարանի շէնքը, քանի մը անգամ փորձած են ներս մտնել: Քաղաքացիները միացած են ընդդիմութեան եւ կը պահանջեն կառավարութեան անդամներու՝ խորհրդարանի խօսնակ Իրաքլի Քոպախիձէի եւ ներքին գործոց նախարար Կիորկի Կախարիայի հրաժարականը:
Երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Թիֆլիսի մէջ ցոյցերը պետական յեղաշրջման փորձ անուանած է:
Վրաստանի խորհրդարանի խօսնակ Իրաքլի Քոպախիձէն երէկ հրաժարական տուած է:
Ընդդիմադիրները այժմ կը պահանջեն ՆԳ նախարարի հրաժարականը, ինչպէս նաեւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նշանակում:
Երկրի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին երկրին մէջ կազմակերպուած ցոյցերու համար մեղադրած էր Ռուսաստանը, ինչին ի պատասխան ՌԴ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւը վրաց նախագահի յայտարարութիւնը «ոչ փրոֆէսիոնալ» անուանած էր՝ նշելով, որ Ռուսաստանի վրայ մեղք բարդելու փորձերը կը խեղաթիւրեն իրավիճակը:
Tert.am-ի թղթակացը Վրաստանէն յայտնած է, որ արդէն 6 օր շարունակ ընթացող ցոյցի զուգընթաց 6 ուսանող հացադուլ յայտարարած է, անոնք կը շարունակեն պահանջել Ներքին գործոց նախարարի հրաժարականը:
Ռուսաթաւէլի պողատային մէջ ցոյցի մասնակիցներու թիւը երթալով կ'աւելնայ: Ցոյցի կազամկերպիչները յայտարարած են այն մասին, որ իւրաքանչիւր օր 19:00-էն 23:00-ն պիտի շարունակեն բողոքի ցոյցերը ինչեւ իրենց պահանջները կատարուին:
Ամպիոնէն պատասխաններ հնչած են ՌԴ-ի կողմէ յայտարարուած տնտեսական պատժամիջոցներու կիրառման յայտարարութեան վերաբերեալ:
Բողոքի ցոյցի մասնակիցները կոչ հնչեցուցած են հեռախօսներէն ջնջել «ԵԱՆՏԵՔՍ» թաքսի յաւելուածը եւ աջակցին տեղի ծառայութիւններուն, ոչ թէ ռուսականին:
Ելույթներու ընթացքին կը յիշեն նաեւ վրաց-ռուսական պատերազմի ժամանակահատուածը, կը խօսին ինքնիշխանութեան ամրապնդման անհրաժեշտութեան մասին:
Հարթակէն ելոյթ ունեցած է նաեւ Վրաստանի նախկին նախագահ Կեորկի Մարկուելաշվիլին:
Ան իր աջակցութիւնը յայտնած է երիտասարդներուն, ըսած, որ կը հետեւի բողոքի գործողութիւններուն, անոնց պահանջները արադարացի են, եւ ինքը կանգնած է անոնց կողքին: