image

Երուսաղէմի մէջ լարուած իրավիճակը կը շարունակուի. Կան 105 վիրաւորներ

Երուսաղէմի մէջ լարուած իրավիճակը կը շարունակուի. Կան 105 վիրաւորներ

 

Արաբ եւ հրեայ երիտասարդներու միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են Երուսաղէմի մէջ՝ Հին քաղաքի Շխեմի դարպասներու մօտ, յայտնած է RIA Novosti-ն։ Ոստիկանութիւնը փորձած է կանխել՝ կիրառելով ջրցան մեքենաներ, լուսաձայնային նռնակներ։

 

Ռամատան ամսուն երեկոյեան աղօթքի աւարտէն ետք հարիւրաւոր երիտասարդ իսլամներ ցոյց ըրած են դարպասներու մօտ եւ սկսած է քարեր ու շիշեր նետել ոստիկաններու ուղղութեամբ։ Ձերբակալութիւններ կատարուած են:

Ոստիկանութեան ներկայացուցչի խօսքով՝ ցոյցը եղած է անօրինական, մասնակիցներէն խնդրած են հեռանալ։ Այդ ժամանակ անկարգութիւններու վայր հասած է իսրայէլական աջ ծայրայեղական հայեացքներով երիտասարդներու խումբը։ Ընդհարումներու հետեւանքով առնուազն 105 պաղեստինցի վնասուածքներ ստացած է։