image

Վրաստանի մէջ տագնապը կը շարունակուի

Վրաստանի մէջ տագնապը կը շարունակուի

Թիֆլիսի մէջ բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին: Երէկ՝ 24 յունիսին, խորհրդարանի շէնքի մօտ մեկնարկած է «Ամօթ է» խորագրով 5-րդ ցոյցը, կը փոխանցէ Aliq.ge-ն։

Ցուցարարներու պահանջներէն մէկը ժամեր առաջ իրականացաւ․ իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութեան հիմնադիր Պիձինա Իւանիշվիլին յայտարարեց, որ 2020 թուականէն ընտրութիւնները պիտի իրականացուին համամասնական համակարգով: Ցոյցի կազմակերպիչները անդրադառնալով «Վրացական երազանք»-ի այս յայտարարութեան, նշած են, որ սա պատմական յաղթանակ է:

Անպատասխան մնացած են, սակայն, միւս երկու պահանջները՝ Վրաստանի ներքին գործոց նախարար Կիորկի Կախարիայի հրաժարականի եւ 21 յունիսի գիշերը ձերբակալուածները ազատ արձակելու հարցերը:

Կազմակերպիչներու տարածած յայտարարութեան համաձայն՝ նախօրէին մէկ աչքը կորսնցուցած 18-ամեայ աղջկան խոստացած են, որ պիտի շարունակեն պայքարը մինչեւ չիրականանան բոլոր պահանջները:

Ցոյցի մասնակիցներուն Կիկա Մաքարիշվիլին յայտարարած է, որ ցուցարարներու բոլոր պահանջները պէտք է բաւարարուին: Հաւաքի կազմակերպիչնեու խօսքով՝ իրենց հիմնական պահանջը անփոփոխ կը մնայ, այն է՝ ներքին գործոց նախարար Կիորկի Կախարիայի հրաժարականը: