image

Որքան ծպտեալ հայ կայ Թուրքիոյ մէջ

Որքան ծպտեալ հայ կայ Թուրքիոյ մէջ

Ուաշինկթընի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս վերջերս կայացած է ամերիկահայ լրագրող Աւետիս Հաճեանի «Գաղտնի ազգ. ծպտեալ հայեր» գիրքի շնորհահանդէսը: Հեղինակը կը պնդէ, որ այսօր Թուրքիոյ մէջ կը շարունակեն բնակիլ բազմաթիւ հայեր, որոնք Մեծ Եղեռնի հետնորդներն են եւ կը թաքցնեն իրենց ինքնութիւնը։

Այսօր Թուրքիոյ մէջ բնակող բնակչութեան զգալի մէկ հատուածը ունի հայկական ծագում, սակայն կը խուսափի բացայայտ խօսիլ ատոր մասին, կը պնդէ «Գաղտնի ազգ. Թուրքիայի ծպտեալ հայեր» ծաւալուն աշխատութեան հեղինակը:

«Նոյնիսկ կրօնափոխ հայերը, որոնց անհրաժեշտ էր շուրջ հարիւր տարի, մինչեւ թրքական պետութեան կողմէն սահմանափակ ազատութեան ընծայումը, կը հերքէին իրենց ազգային ինքնութիւնը: Եւ ատոր գլխաւոր պատճառը Եղեռնն էր: Առայսօր այդ առումով որոշակի վախ պահպանուած է»,- ըսած է Հաճեանը:

Գիրքի հրապարակման նախորդած էին երկար տարիներու հետազօտական աշխատանք, բազմաթիւ հարցազրոյցներ, այցելութիւններ Թուրքիա եւ այլ երկրներ: Հեղինակը ընդգծած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն բազմաթիւ հայեր կրօնափոխ եղան եւ չհեռացան իրենց հայրենիքէն, սակայն կորսնցուցին իրենց հայկական ինքնութիւնը: Այսօր անոնց մեծ մասը Մեծ Եղեռնի հետնորդներն են:

«Հրանդ Տինքը կ'ըսէր, որ Թուրքիոյ մէջ կայ շուրջ 2 միլիոն իսլամացած հայ ազգաբնակչութիւն՝ գաղտնի հայեր: Վստահ չեմ, թէ կարելի է մարդահամար ընել, թէ ոչ»,- ըսած է գիրքի հեղինակը:

Հաճեանի կարծիքով ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ դժուար է պարզել վերջնական ազգային ինքնութիւնը, քանի որ պետութիւնը որոշակի բարդութիւններ կը ստեղծէ ազգային փոքրամասնութիւններու հանդէպ: Բացի այդ, առկայ է բազմակի ինքնութեան գործօնը:

«Նախ, Թուրքիան միօրինակ մարդահամար կ'անցկացնէ, ուր հնարաւոր չէ պարզել որքան հայ կամ այլ ազգային փոքրամասնութիւն կայ: Բացի այդ շատ դժուար է սահմանել, ով հայ է , իսկ ով` ոչ, քանի որ եթէ ինչ որ անձի մեծ մայրը Եղեռն վերապրած հայ է, ան իհարկէ կրնայ հայ համարուիլ, թէեւ կրօնը, ազգութիւնը փոխուած են եւ հայերէնին չեն տիրապետեր: Սակայն նոյն կերպ ան կրնայ համարուիլ թուրք կամ քիւրտ, ուստի շատ դժուար է սահմանել, թէ ով հայ է, իսկ ով ՝ ոչ այսօրուայ Թուրքիոյ մէջ» ,- ըսած է  Հաճեան:

Սակայն հեղինակը նշած է նաեւ, որ իր հետազօտական աշխատանքի ընթացքին հանդիպած է թրքացած, կրօնափոխ եղած հայերու, որոնք, բացայայտելով իրենց հայկական արմատները, չեն թաքցներ այդ փաստը: Որպէս արդիւնք, ըստ գիրքի հեղինակի, եղած են դէպքեր, երբ մարդիկ, տեղեկանալով իրենց հայկական ծագումնաբանութեան մասին, փորձած են այն համադրել իրենց թրքական կամ քրտական ինքնութեան հետ:

Միջոցառման ժամանակ Հաճեանը համառոտ ներկայացուցած է իր աշխատութեան բովանդակութիւնը, իսկ աւարտին պատասխանած է ներկաներու հարցերուն հայկական ինքնութեան, արմատներու եւ հայապահպանութեան մասին:

 

Նիւթը ՝«Ամերիկայի  ձայն»էն