«Մկրտութիւններ կատարելու մասին մերժումի որոշումները յստակ չեն , բայց վստահ եմ, որ Պոլսոյ Պատրիարքարանը եւ Էջմիածինը միասին առած են մերժելու որոշումը». «Արեւելք«ին յայտնեց Ռաֆֆի Պետրոսեան: Պետրոսեան նկատել տուաւ, որ իր ջանքերով անցեալ տարի Հայաստան այցելող 50 հոգինոց խումբին մէջ եղող երկու ծպտեալ հայեր մկրտուած են մինչ այս տարի Հայաստան այցելող 80 հոգինոց խումբին Տէրսիմցի եւ Տիգրակերտցի ծպտեալ հայերուն մկրտուելու փափաքը մերժուած է: Ան պատասխանելով «Արեւելք»ի այն հարցին, որ քրիստոնեայ մկրտուելու փափաքներուն մէջ արդեօ՞ք օգուտներ քաղելու նպատակ հետպնդողներ կան պատասխանեց ՝ « Կրնայ ըլլալ, որ կան քանի մի ծպտեալ հայեր, որոնք իրապէս քրիստոնեայ ըլլալ չեն ուզեր բայց մկրտուելով առիթը կ'ունենան Թուրքիայէն Եւրոպա կամ Ամերիկա գաղթել» աւելցնելով նաեւ,որ «Նոյնիսկ կրնայ ըլլալ, որ քանի մը թուրքեր կամ քիւրտեր նոյն ձեւով մկրտուիլ փորձեն, բայց ասոնք հազուագիւտ պարագաներ են, բաղդատմամբ այն ծպտեալ հայերուն, որոնք իրապէս կը փափաքին մկրտուիլ եւ հայ քրիստոնեայ դառնալ»: Պետրոսեան նաեւ ըսաւ, որ «Ծպտեալ հայերը մեծամասնութեամբ կ'ուզեն շարունակել իրենց կեանքը կամ իսլամ մնալով կամ աթէիսթ մնալով , բայց իրենց համար շատ կարեւոր է իբրեւ հայ վերայայտնուիլ»: Պետրոսեան խօսելով ծպտեալ հայերու ընդհանուր թիւերուն մասին ըսաւ,-«Իրարմէ անկախ ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ 1915-ի ցեղասպանութեան փրկուածներուն թիւը 300,000 է, որոնց 100,000-ը որբեր են, թուրք եւ քիւրտ ընտանիքներու մէջ առնուած եւ իսլամացած, թուրք որբանոցներու մէջ թրքացած, իբր գերի շուկաներու մէջ վաճառուած եւ նաեւ մօտ 200,000 հայեր իսլամ ընդունելով մնացած են իրենց գիւղերուն մէջ: Թուրքիոյ բնակչութիւնը 7 անգամ բազմացաւ 1915-էն ի վեր, ուրեմն 300,000 անգամ 7, կարելի է հասկնալ թէ երկու միլիոնէ աւելի հայ արիւն ունեցող մարդ կայ Թուրքիոյ մէջ: Ասոնց վրայ պէտք է աւելցնել 1895-ի ջարդերու ատեն իսլամացածները եւ երեք դար առաջ իսլամացած եւ տակաւին հայերէն խօսող Համշէնացիները, որոնց գումարն ալ կարելի է 1-2 միլիոն հասնի: կարելի է ըսել մի քանի միլիոն հայ արիւն ունեցող մարդ կայ Թուրքիոյ մէջ, բայց անկարելի է թիւ մը գտնել, թէ անոնցմէ որքանը գիտէ որ հայ է, որքանը կ'ուզէ հայութեան վերադառնալ»: Նշենք, որ Թորոնթօ ապրող Ռաֆֆի Պետրոսեան վերջին տարիներուն ընդգրկուած է Տիարպէքիրի մէջ տարբեր աշխատանքներու մէջ եւ կարեւոր մասնակցութիւն բերած է Տիգրանակերտի եւ տարածքաշրջանի մեծագոյն եկեղեցւոյ՝ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաշինութեան համար ստեղծուած մարմիններուն մէջ: Պետրոսեան վերջին տարիներուն ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հետ գործակցելով մեծ թիւով ծպտեալ հայերու Հայաստան այցելութիւնը կը կազմակերպէ: