image

Վիրահայոց թեմը առաջնորդական տեղապահ ունի. Տ.Կիրակոս վրդ. Դաւթեան պիտի փոխարինէ Տ.Վազգէն Սրբազանը

Վիրահայոց թեմը առաջնորդական տեղապահ ունի. Տ.Կիրակոս վրդ. Դաւթեան պիտի փոխարինէ Տ.Վազգէն Սրբազանը

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի  մամլոյ եւ տեղեկատուական համակարգէն վերահասու  դարձանք, թէ Հոգեշնորհ Տ. Կիրակոս վարդապետ Դաւթեանը  ստանձնած է Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդական Տեղապահի պաշտօնը։
Կը նշուի  նաեւ, թէ Տ. Կիրակոս վրդ. մինչ այդ կը ծառայէր Գուգարաց Թեմէն ներս, որպէս Առաջնորդի  Տեղապահ։

 

 

«Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Գերաշնորհ Տ. Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանն ազատուած է Վիրահայոց թեմի առաջնորդի պաշտօնէն եւ պիտի վերադառնայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին: Տնօրինութեան համար հիմք ծառայած է Վազգէն Սրբազանի դիմումը:

Մէկ այլ տնօրինութեամբ Հոգեշնորհ Տ. Կիրակոս վարդապետ Դաւթեանը, ազատուելով Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդական տեղապահի պաշտօնէն, նշանակուած է Վիրահայոց թեմին մէջ` որպէս առաջնորդական տեղապահ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: