image

Վերջին ժամ. Պայթումներ լսուած են Հալէպի օդակայանի շրջանին մօտ

Վերջին ժամ. Պայթումներ  լսուած են  Հալէպի  օդակայանի    շրջանին   մօտ

Ըստ   «Ալ Մայատին»   կայանին,   քիչ առաջ    հրթիռներ ինկած են  Հալէպի  հիւսիս-արեւելեան  հատուածին    վրայ։  Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ,  որ շատ հաւանական է, որ հարուածները  տրուած են  իսրայէլեան   օդուժին կողմէ։ 

Իր կարգին   «Սքայ  նյուզ արապիք»   կայանը  հաղորդեց,  որ  հարուածներու  թիրախ  դարձած է Հալէպի միջազգային օդակայանի    շրջանը։ Նոյն   առումով  եւ ըստ  սուրիական    «Սանա»   գործակալութեան,      հարուածներ    ստացած է նաեւ Հալէպի «Շէյխ նաճճար»  շրջանը։  Նշենք, որ  տուեալները նախնական  են  եւ աւելի ուշ     աւելի յստակ կը դառնայ  Հալէպի մէջ     ընթացող   զարգացումներուն  վերջնական պատկերը։

 

Լուսանկարը՝  «Արեւելք»ի արխիւէն։