Ազրպէյճանի հերթական սադրանքներու վնասներէն զերծ չմնացին Արցախի խաղաղ բնակիչները: Ինչպէս հաղորդած էինք՝ առաւօտ զոհուած է 12-ամեայ Վաղինակ Գրիգորեանը: Վաղինակ մահացած էր Կրատ տիպի հրթիռի պայթումին հետեւանքով: Նշենք, որ հրթիռը ինկած էր Մարտունիի շրջանի մէկ վարժարանին բակին վրայ: Երեք այլ երեխաներ վիրաւորուած էին: Անոնք վիրաբուժութեան ենթարկուած են Ստեփանակերտի հիւանդանոցին մէջ, անոնց վիճակը կը գնահատուի որպէս ծանր կայուն: