9 ուղեւորներ մահացած եւ 30 ուրիշներ վիրաւորուած են այսօր, երբ մարդատար կառք մը ճամբեզրէն դուրս եկած է: Այս մասին կը գրէ «Տէյլի Սապահ»ը, որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ դէպքը տեղի ունեցած է Քիրշէհիր- Անգարա մայրուղիին վրայ: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ արկածը պատահած է կլիմայական ծանր պայմաններու հետեւանքով: Սաստիկ ձիւնաթափին հետեւանքով Թուրքիոյ հիւսիսային շրջանի 134 գիւղեր, մասնաւորապէս Թոխատի, Սինոփի եւ Քասթամոնուի մէջ կտրուած են աշխարհէն: