«Ժամանակի ընթացքին Ռուսաստանը կարող է համոզել Թուրքիան Ղրիմի հարցով իր դիրքորոշման ճիշդ ըլլալու մէջ. նոյնը դժուար թէ հասցնել Ուքրանիոյ»: Այս մասին ուրբաթ օր, լրագրողներուն ըսած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար՝ Տմիթրի Փեսքով, հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը:
«Ղրիմի վերաբերեալ անոնց յայտարարութիւնները այն հարցերու շարքին են, որոնց շուրջ մենք դեռ լուրջ տարաձայնութիւններ ունինք,- ըսած է Փեսքով:- Այդ տարաձայնութիւնները դժուար թէ հնարաւոր ըլլայ կարգաւորել ուքրանական կողմին հետ, բայց մենք յուսով ենք, որ մեր հետեւողական գիծը, այնուամենայնիւ, թոյլ կու տայ մեր թուրք գործընկերները համոզել, որ Ղրիմի հարցով իրենց ներկայի դիրքորոշումը լիովին սխալ է»: